2017-09-30 09:10:00

«Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն պիտի կայանայ` անկախ ամէն ինչէ» յայտարարեց Ալթաֆաջ


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ բնակիչները 1 հոկտեմբերին պիտի մասնակցին անկախութեան հանրաքուէին` հակառակ խոչընդոտներուն, ներառեալ ֆիզիքական: Այս մասին «Առ.Թի.Պի.Էֆ.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Եւրոպական Միութեան մօտ Քաթալոնիոյ ինքնավար մարզի կառավարութեան ներկայացուցիչ Ամատէու Ալթաֆաջ:

Անոր համաձայն, հանրաքուէին մասնակցելու մտադրութեան մասին կը յայտարարեն քաթալոնացիներուն 70-80 առ հարիւրը, եւ անոնք կը պատրաստուին օգտուիլ իրենց ձայնի իրաւունքէն, «հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, նոյնիսկ` ֆիզիքական»:

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ «Քաթալոնիոյ ոստիկանութիւնը կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի երաշխաւորէ հասարակական կարգը», եւ «հաւատարիմ պիտի մնայ» Քաթալոնիոյ իշխանութիւններուն: «Քաթալոնիոյ ինքնավարութեան կարգավիճակին համաձայն, անոնք պարտաւոր են յարգել քաթալոնական իշխանութիւններուն որոշումները… Ես չեմ կարծեր, որ բոլոր ընտրատեղամասերուն եւ դպրոցներուն շուրջ անվտանգութեան գիծերու սահմանումը կը ներդրէ հասարակական կարգի պահպանութեան գործին մէջ», ըսած է Քաթալոնիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչը:

Ան նաեւ փափաք յայտնած է, որ Սպանիոյ գործող կառավարութիւնը լուծարուի, «որովհետեւ սպանական հասարակութիւնը կը գտնէ, որ անոր գործողութիւնները անընդունելի են ժամանակակից ժողովրդավարութեան պայմաններուն մէջ»:

Հարցախոյզներու համաձայն, Քաթալոնիոյ անկախութեան կը զօրակցի ինքնավար մարզին 41 առ հարիւրը, 49 առ հարիւրը դէմ է: Ինքնավար մարզի կարգավիճակի շուրջ հանրաքուէի կատարման կը զօրակցի քաթալոնացիներու 80 առ հարիւրը, սակայն անոնց մեծամասնութեան կարծիքով քուէարկութեան շուրջ համաձայնութիւն պէտք է գոյանայ Մատրիտի կեդրոնական իշխանութիւններուն հետ:

Վաղը նախատեսուած քուէարկութիւնը քաթալոնացիներուն 60 առ հարիւրին կարծիքով օրինական չէ եւ չի կրնար իրաւական հետեւանքներ ունենալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.